2014-11-14 13:11:45

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` եօթը հազար Հաշուակալներու հետ հանդիպում։


(Ռ.Վ. 14 նոյեմբեր 2014) Ուրբաթ` 14 նոյեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց` Փերուի հանրապետութեան նախագահ` տիար Օլլաթա Հումալան ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Ապա ընդունեց տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչը Կարդինալ Ժորժ Փելը հուսկ Իտալիոյ Սուրբ Սիրտ համալսարանի Ռէկտոր` Դոկ. Ֆրանքօ Անելլին։
Ժամը 12.15- անց Նորին Սրբութիւնը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց հաշուակալներու համաշխարհային գիտաժողովին եօթը հազար մասնակիցներուն ու անոնց արտասանած խօսքին մէջ ակնարկեց ներկայ ընկերա – տնտեսական պայմաններուն որոնք - ըսաւ Ան - ''մեր դիմաց կը դնեն աշխատանքի հրատապ հարցը''։
''Ձեր մասնագիտական դիտարանէն ի յայտ կու գայ շատ մը անձերու եւ ընտանիքներու ապրած ողբերգական իրավիճակը ու շատ մը երիտասարդներուն արժանավայել աշխատանքի մը փնտռտուքի ձգտումը'' - ըսաւ հուսկ Քահանայապետը դիտել տալով թէ ''այս պայմաններուն մէջ աւելի զօրեղ է փորձութիւնը պաշտպանելու անձնական շահերը քան հասարակաց բարիքը'', անտեսելով արդարութիւնն ու օրինականութիւնը։ Ասոր համար - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը - բոլորէն խնդրուած է, ու յատկապէս անոնցմէ որոնք մասնագիտացած են երկրի տնտեսական կեանքի զարգացումի պատշաճ գործունէութեան ընթացքով, կարեւոր, կառուցողական եւ դրական դեր մը ունենալու, նկատի առնելով թէ ամէն մէկ թղթածրարի ետին կայ դիմագիծ մը եւ պատմութիւն մը։
Այս յանձնառումը կը պահանջէ բոլորին համագործակցութիւնը, եւ քրիստոնեայ մասնագէտը իր գործը լաւ կատարելու համար կը դիմէ միշտ աղօթքին եւ Աստուծոյ Խօսքին, որպէսզի կարողանայ իր ստեղծագործական մօտեցումով լուծումներ որոնել եւ պաշտօնակալութեան կարծրութենէն անդին դասել մարդկային արժանապատուութիւնը – ըսաւ Քահանայապետը - ակնարկելով տնտեսութեան եւ ֆինանսի ծաւալին ուր կարելի է իրարու հանդիպիլ, երկխօսել ու համագործակցիլ եւ այս ընելու համար հարկաւոր է մարդը ու անոր արժանապատուութիւնը նկատել որպէս կեդրոն` հակազդելով այն երեւոյթին որ դրամը կ՛ուզէ դասել որպէս գագաթնակէտ, արհամարհելով մարդու եւ արժէքներու յարգանքը։

Ձեզ կը քաջալերեմ ձեր գործունէութեան մէջ` խթանել հաւատարմութեան, արդարութեան եւ եթէ կարելի է եղբայրութեան յարաբերութիւններ, յանձն առնելով դիմակայել հարցերը յատկապէս ամենա-տկարներունը եւ աղքատներունը։ Չի բաւեր պատասխաններ տալ, հարկաւոր է նաեւ խրախուսել եւ մշակել տնտեսութեան, ֆինանսի եւ աշխատանքի բարոյականութիւն մը` կենդանի պահելով զօրակցութեան արժէքը որպէս բարոյական կեցուածք մը եւ ցուցմունք ուրիշի կարիքներուն հանդէպ ուշադրութեան։
''Եթէ ուզենք յաջորդ սերունդին յանձնել բնապահպանողական, տնտեսական եւ ընկերային կատարելագործուած ժառանգութիւն մը կանչուած ենք յանձն առնելու պատասխանատուութիւնը գործելու զօրակցութեան համաշխարհայնացումի ուղղութեամբ'' ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ու խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաները յանձնելով Աստուածամօր հովանիին ու անոնցմէ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ու բոլորին տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.